Մեր մէջ թող մնայ բայց երէկ եկեղեցի քացի: Բայց մինջեւ որ որոշեցի երթալ, յիշեցի որ կ՛ուզէի երթալ արդէն բայց տեղ մը չէի արձանագրած որ յիշեմ: Այս տարի դաս ալ չեմ տար կոր որ Կիրակին երբ հասնի ոտքի ցատկեմ, այնպէս որ հրաշք համարեցի երբ արդէն ինքնաշարժը կը քշէի դէպի եկեղեցի: Կրօնքի մասին պիտի չխօսիմ այլ սիրոյ, կարօտի:
Երբ փոքր էի, մեծ մօրս ձեռքը բռնած կամ չբռնած, քալելով եկեղեցի կ՛երթայինք, բան մը որ կրկնեցի ՁՕՕ4 թւի Սուրբ Զատկուայ օրը, երբ առաջին անգամ ըլլլով Պէյրութ քացի ՅՕ տարի ետք: Այսինքն այդքան տարի անցած էր: Զարմիկիս տունէն (որ կը գտնուէր ճիշդ այն հողաշերտին վրայ ուր միւս մեծ մօրս եւ մեծ հօրս բնակարանը կար ժամանակին, մեր տունին շատ մօտիկ) քալեցի մինջեւ եկեղեցի: Նոյն ճամբէն որ կը քալէի երբ հոն կ՛ապրէի, որ թէ իմ դպրոց երթալ քալու ճամբան էր, թէ եկեղեցիի ճամբան էր, եւ թէ քաղաք երթալու ճամբան էր: Քալեցի գրեթէ ամայացած փողոցներէն, գոց խանութներուն առջեւէն, յիշելով ուր ինչ կար եւ հիմա չկայ, իսկ ուրիշ տեղեր, կան բայց չկայի նման են: Եւ լսեցի միայն իմ կրունկներու ձայնը եւ անոնց արձականգը փողոցի շէնքերուն վրայ:
Հասայ Սուրբ Նշան եկեղեցին: Եկեղեցիին մէջ, նկատեցի որ կեդրոնացումի պակաս ունէի աղօթելու համար: Աղօթելէն աւելի պէտք ունէի շաղուելու հայութեան հետ, թերեւս տեսնելու հին բարեկամներ: Ուրեմն ելայ դուրս, եկեղեցիին նշանաւոր բակը, յուշերով լեցուն: Չկային հին դէմքերը կամ շատ հազուագիւտ էին: Բարեբախտաբար հանդիպեցայ մի քանի հին բարեկամներու, թաղեցիներու, եւ դպրոցի հին ընկեր-ընկերուհիներու:
Մինջեւ Արիզոնա քալս, բացի մերթ ընդ մերթ հայերէն ուսուցանելէ Նիու Ճրզիի երկու դէմի եկեղեցիներու շաբաթական դպրոցները, այդքան կորովով չէի աշխատած որքան Արիզոնայի Սքոթցտէյլ քաղաքի Սուրբ Աբգար եկեղեցիին մէջ ամբողջ անցեալ դպրոցական տարեշրջանին, մեծ սիրով:
Երէկ պզտիկ բացակայութիւնէ մը ետք եկեղեցի կ՛երթայի ճիշդ այնպէս ինչպէս Պէյրութ քացի երկար բացակայութիւնէ մը ետք: Անհուն զգացումներով լեցուն: Հաւատացէք որ երէկուայ զգացումներս շատ աւելի զօրաւոր էին եւ հակազդուեցան նոյնքան զօրաւոր ընդունելութեամբ: Զարմացայ ժպիտներուն, «I was wondering what happened to that lady who used to come"ներուն: «Արեւը ծագեցաւ»ներուն: Չեմ չափազանցէր կոր: Յուզիչ էր տեսարանը:
Պատմեմ: Պէյրութ ներկայացուցի իմ «Այբ Բեն Գիմ» մէնակատարութիւնը: Հոս, Սուրբ Աբգար եկեղեցիի Մելիքեան սրահին մէջ, անցեալ Դեկտեմբերին, թերեւս վերջին անգամ ըլլալով ներկայացուցի զայն իր բարեփոխուած ձեւով: Անկէ ամիս մը առաջ, երբ Տէր Զաքարիային հետ որոշեցինք ներկայացման թուականը՝ ան նկատեց որ այդ օրը Սուրբ Աբգար Եկեղեցուոյ անուան տօնն է:
Ես արդէն, անձնասէր ըլլալուս, նկատած էի որ Աբգար անունը կամ բառը միակ հայերէն բառն է որ Այբ Բեն եւ Գիմ գիրերով կ՛ըսկսի:
Ինչ զուգադիպութիւն ըսած էի հետոյ Քոլէթին: Պէտք է ըսեմ ասիկա Տէր Հայրին: Քոլէթը խոհեմաբար ըսաւ որ ներկայացման ատէն բեմէն ըսեմ ատիկա որ ամէն մարդ գիտնայ:
Այդ օրը հասաւ: Անհամբեր սպասեցի որ Տէր Հայրը ժամանէ որ իրեն այս հրաշալի լուրը տամ: Չժամանեց: Ուրիշ կարեւոր անձնաւորութիւններ ալ չժամանեցին:
Բանբասանք թող չ՛ըլլայ բայց ժողով ունին եղեր նոյն ժամուն:
Լաւ: Ես ալ ներկաներուն պատմեցի եւ իրենց հարցուցի եթէ գիտէին: Չէին գիտեր: Ուրեմն իրենցմէ խնդրեցի որ Տէր Հօր ըսեն այս իմ ըրած գիւտը անշուշտ կարծելով որ ամէն մարդ ինծի պէս պիտի ուրախանայ: Ես մէկ պատճառ աւելի ունէի ուրախանալու անշուշտ բայց ով է հաշիւ բռնողը:
Յաջորդ Տէր Հօր տեսնելուս իրեն հարցուցի: «Ձեզի ըսի՞ն»: Ըսաւ «Ինծի բան չեն ըսեր»: Ես ալ պատմեցի իրեն: Աբգարին եւ Այբ Բեն Գիմին պատմութիւնը: Չեմ յիշեր ինչպէս հակազդեց, կը ներէք ինծի բայց ինքն ալ չէր նկատած:
Վերադառնանք երէկ: Գիտէի որ Տէր Հայրը գիրք մը գրած է եւ Ուրբաթ երեկոյ անոր մակագրութեան օրն էր: Երբ զինք տեսայ երէկ, շնորհաւորեցի եւ հարցուցի եթէ «քրէտիթ քարթ» կ՛առնէ: «Այո ըսաւ կ՛առնենք, բայց աղօթքն ալ կ՛ըլլայ» աւելցուց դէպի իր սեղանը քալելով:
Ես սահմռկած մնացի: Եկեղեցի ուշ հասած էի: Այնքան ուշ որ հաւատացեալները դուրս կ՛ելլէին երբ ես ներս կը մտնէի: Արդեօ՞ք այդ ըսել ուզեց Տէր Հայրը: Չ՛աղօթեցի այլ գիրկնդխառնուեցայ բոլոր անոնց հետ որոնք ուրախ էին զիս տեսնելու: Լսուած աղօթքի մը նման: Հետոյ քացի մոմ վառեցի եւ մինակս աղօթեցի: Մեղայ:
Երբ սրահ կը մտնէի, անցեալ տարուայ աշակերտներս դասարանէն ելլելով մէկ մէկ վազեցին քովս անունս տալով: Երջանկացուցին: Հետոյ, իրենք ինծմէ աւելի խելօք, նստած կերան իրենց հոգէճաշերը իսկ ես, ուրախ, չէի գիտեր որու հետ խօսում, ուր նստիմ: Շատեր գանգատեցան որ մէյ մը հոս եմ մէյ մը հոն, «կեանքիս պատմութիւնը» պատասսխանեցի:
Շատ լաւ ժամանակ անցուցի: Մեղայ: