Երեք ժամը չէր բաւէր, այսօր չորս ժամ անցուցի խոհանոցին մէջ: Անշուշտ եփելով: Չէ հապա սառնարանը բանալ գոցելո՞վ: Խմոր չեմ բանար կոր ոչ ալ տոլմա կ՛եփեմ կոր այլ՝ ամէն մէկ կերակուրը ոչ մէկ տեղ տեսած կամ կերած եմ ոչ ալ եփած եմ ասկէ առաջ: Այսինքն յիշատակներ չկան եփածիս մէջ այլ պարզապէս ներկան ինչպէս որ է, ինչով որ ունիմ, ինչպէս որ սիրտս կ՛ուզէ:
Կերակուր եփելը ինքնուրոյնութիւնս գտնել է: Կրնա՞մ ինքզինքս գոհ պահել: Կրնամ եղեր: Համով են եփածներս: Իսկ չեփածներս, այսինքն անոնք որ աքցանի ընտանիքին կը պատկանին, ալ աւելի համով են: Վկաներ ալ ունեցած եմ:
Մէկ բացառութիւն ըրի այս չտեսնուած, չհամտեսուած շարանին մէջ: «Իմամ Պայըլտը»ն: Երբ վկան, որ հայ չէր, ոտքի կեցած համտեսեց զայն, «Օ Մայ Կատ» ըսաւ եւ գնաց աթոռին նստաւ, երեսին գոյնը նետած: Պիտի մարեր այսինքն:
Անշուշտ իրեն պատմեցի այս կերակուրին անունին պատմութիւնը: Եթէ չէք գիտեր, կը նշանակէ Իմամը Մարեցաւ:
Իսկ որպէս զուտ հայկական, եթէ ամառ չէ, երբեմն ոսպով ապուր կ՛եփեմ:
Նորէն կը գրեմ շուտով որովհետեւ պէտք է գրեմ այլեւս:
No comments:
Post a Comment