Մեղանչած կ՛ըզգամ այսքան երկար ժամանակ չգրելուս համար եւ քանի որ այս «պլոկ» կոչեցեալը կարդացողներուն մեծամասնութիւնը հայեր են, ուրեմն կը պարտիմ հայերէն գրել:
Ու կը մտածեմ: Ինչու՞ համար ամէն անգամ պէտք է բացատրեմ եւ լուսաբանեմ թէ ինչու կը գրեմ եւ որ լեզուով:
Գործիս երթամ:
Յունուար Ձին սկսայ Արփենարանը գրել եւ Փետրուար ՁՑին կեցայ: Ոչ թէ որովհետեւ կը կարծէի վերջացած է գործս բայց, ինչպէս որ արուեստագէտ ընկեր մը ըսաւ, պէտք է գիտնաս ըսել «վերջացած է» երբ ալ սառած կեցած ես եւ չես գիտեր եթէ վերջացած է կամ ոչ: Այդպէս ալ ըրի: Ես զինք ձգած էի բայց ինք զիս չէր ձգած: Անվերջ կը հալածէր: Հիմա սկսած էի արդէն ինքզինքս բեմին վրայ տեսնել խաղարկութեան մէջ: Ամբողջ տասը օր մտքով բեմադրեցի անդադար: Մեկնելես երկու օր առաջ Սուրբ Աբգար եկեղեցիի սրահը հրաւիրեցի մօտիկ մի քանի բարեկամներ պարզապէս գաղաբար մը ունենալու համար եւ գիտնալու որ գրածս զառանցանք չէ: Չէր:
Քիչ մը ոգեւորուած հասայ Մոնթրէալ: Եկաւ ժամը բեմ ելլելու: Մէկ ժամ ուշացաւ այդ բեմ ելլելու ժամը որովհետեւ կարեւոր կառաւարական անձնաւորութիւն մը կ՛ըսպասէինք որ վերջապէս չ՛եկաւ եւ ես ելայ բեմ: Հետոյ հասկցայ որ քառորդ ժամ հետոյ ժամանած է եւ մերժած են զինք ներս ընդունիլ:
Ժողովուրդը համբերութեամբ սպասեց Արփիին: Եկուր տես որ Արփին իր կտորը Տիգրանակերտի բարբառով կ՛ըսկսի եւ ինչ որ եկեղեցիի սրահը հակազդուեցաւ խնդուքով հոս տափակ ինկաւ գետին: Տասը վարկեան ալ սպասեցին որ հայերէն սկսիմ խօսիլ եւ «աաահ» մը քաշելով շտկուեցան իրենց աթոռներուն մէջ «հալլա պալլաշ ըլֆըլմ»ի պէս (ֆիլմը հիմա սկսաւ այսինքն): Թող ներեն ինծի: Իմ հանցանքը չէր:
Բայց կար հակազդող Տիգրանակերտցի Տիկին Մարին որ մեր ընտանիքին հեռուէն ազգական կուգայ թէյզի (մինջեւ կը նշանակէ) Հազրօյէն: Նստած էր բեմին շատ մօտիկ: Այս Տիկին Մարին իմ բարբառը կը սրբագրէր նստած տեղէն, կը պատասխանէր հարցումներուս ու կը շտկէր հնչումս: Եթէ ամուսին բառը գործածեցի, «էրիկ, էրիկ» կը յուշէր: Շատեր հասկցան եւ խնդացին, ուրիշներ չհասկցան եւ չխնդացին: Իսկ ես սկսայ բեմէն հետը խօսիլ ինքնաբերաբար որովհետեւ ամէնէն ներկայ անձը կը թուէր ըլլալ քոնէ այս բաժնին մէջ: Պէտք էր զինք հետս բեմ հանէի կը մտածեմ:
Կար նայեւ ուրիշ կառաւարական անձնաւորութիւն մը հանցին Պարոն Սթէֆան Տիոնի: Ըսած էին ինծի որ Պարոն Տիոնը մի քանի բառ պիտի խօսի բայց կ՛ուզէ մնալ եւ դիտել հակառակ որ մէկ բառ հայերէն չի հասկնար: Լաւ որ մէկ երկու ֆրանսերէն երգեր ունէի գրպանս որոնք զինք դարմանեցին իր տանջանքէն: Ըսին նայեւ որ իր սեղանին տիկին մը կայ որ պիտի թարգմանէ:
Բեմէն տեսայ այդ տիկինը: Թարգմանելու երեւոյթ չ՛ունէր: Իսկ Պարոն Տիոնը մեծ ուշադրութեամբ եւ առանց յօրանջելու կը դիտէր:
Յաջորդ օրը բախտն ունեցայ այդ տիկինին հանդիպելու եւ հարցնելու թէ ինչպէս անցաւ թարգմանութիւնը: «Իրեն ըսի որ հին պատմութիւններ կը պատմես կոր»: Առ քեզի թարգմանութիւն:
Վերադարձիս անմիջապէս Պարոն Տիոնին իմակ մը ուղարկեցի, շնորհակալութիւն յայտնելով եւ ամփոփ ձեւով բացատրեցի թէ ինչ էր ըրածս բեմին վրայ:
Ի՞նչ էր ըրածս բեմին վրայ: Հրաւիրեցէք զիս ձեր քաղաքը կամ գիւղը Արփենարանը ներկայացնելու եւ դուք ալ կը գիտնաք թէ ինչպէս գիրը, գրականութիւնը եւ լուացքը մօտիկ բարեկամներ են:
No comments:
Post a Comment