Երկուշաբթի դժուար եղաւ անկողինէն ելլել: Ոչ մէկ խրատ, պարտականութիւն, հեռանկար, երազ եւ սփոփանք կարեւորութիւն ստացաւ: Ոչինչ: Ոչ կրնայի ետ քնանալ, ոչ կ՛ուզէի օրը սկսի, ոչ ոտքի, ոչ նստած, ոչ երգով, ոչ գրելով, ոչինչ կ՛ուզէի ընել: Անպէտք կ՛ըզգայի բառին բուն իմաստով: Կէսօրէ ետք հեռաձայնը զարկաւ եւ վերցուցի: Ամաա՜ Արիզոնայէն է, այստեղէն: Շատ ազնիւ զոյգ մը որոնց այստեղի Հայկական եկեղեցին հանդիպած էի եւ մի քանի անգամ իրարու տուն գացինք եկանք, խօսեցանք, փիլիսօփայեցինք, կերանք, դիտեցինք, եւ հիմա ահա կը հարցնեն թէ ինչպէս եմ: Իրենք ալ նոյն տրամադրութեան մէջ են առանց պատճառի: Անդօն եւ Արփին:
Արդէն հոն քիչ մը շտկուեցայ: Ժամադրուեցանք Ուրբաթ օրուայ հանդիպումի մը իրենց տունը:
Ժամ մը չ՛անցած հեռաձայն մը եկաւ Թօրօնթօյէն: Մանկութեան ընկերուհիս էր, Արփին: Խօսեցանք խնդալով, երբեմն բարկանալով, անճրկուած հայեր աշխարհի չորս ծագերուն: Հաճելի էր եւ զգացուած էի:
Երեքշաբթի, նամակատուփին մէջ ինծի ուղղուած տրցակ մը կար: Սիրելի Վիգէն Դարբինեանէն ի Ֆրանսա: Իր եօթը երգերու խտասալիկները ինծի կը ղրկեր որովհետեւ մի քանի շաբաթ առաջ «Սքայփ»ով կը խօսէինք առաջին անգամ ըլլալով եւ իրարու խօսք տուած որ մեր խտասալիկները պիտի փոխանակենք: Նոյնիսկ ոչ հայ տնեկիցս մտիկ ըրաւ: Զատեցի անոնք որոնց հանդէպ ես մասնաւոր տկարութիւն ունիմ: Քննադատեցի, սիրեցի, յուզուեցայ, երկրորդ ձայն երգեցի, երբեմն երրորդ եւ այսպէս զգացի որ դեռ կարող եմ ձայն հանել:
Իրիկուան նորէն հեռաձայնը հնչեց: Արփին էր նորէն, Թօրօնթօյէն: Չեմ կրնար հոս կրկնել թէ ինչու կը հեռաձայնէր բայց կրնամ ըսել որ այդ խօսակցութիւնէն վերջ ամէն ինչ աւելի լաւ սկսայ տեսնել: Գիտցայ որ բարեկամութիւնը, անկեղծ բարեկամութիւնը չէ կորսուած աշխարհի երեսին: Բաստ ունիմ: Կեանքը ապրիլ սիրով, առանց խմբագրելու, շատ դժուար է: Ընկեր եւ բարեկամ կուգան յիշեցնելու թէ թիւրին ձեւն ալ կայ:
Այսօր, Չորեքշաբթի, Սինթիան հեռաձայնեց Մասաչուսէթէն: Այդպէս, կարծեմ որպէս օրէնք, առանց գիտնալու: Հարցումներէն մէկը - Are the Armenians taking over the world? Այնպէս կը պատահի որ երբ որեւէ կապի վրայ կը կոխէ համաձանձը իրեն հայու մը քով կը տանի եղեր վերջերս: Իրեն ըսի որ այսօր Հայատանի անկախութեան քսաներորդ տարեդարձն է: Շուտով կ՛անցնի: Այդ ալ շատ հաճելի էր եւ սիրով լեցուն:
Մէկ ժամ չ՛անցած Նիու Եորքի ընկերուհիս, Արփինէն հեռաձայնեց: Լիլիթ Փիփոյեանի կատարմամբ՝ «Կապոյտ Մանուշակ» երգը լսած էր եւ ինծի յիշած որովհետեւ Լիլիթի համերգին միասին գացած էինք տարիներ առաջ: Ժամադրուեցանք քալ ամիս ի Նիու Եորք:
Լուր մ՛արի, լուր մ՛արի տեղէ մը, ամէն ինչ շատ լաւ է, շատ լաւ է: Թէ նոյնիսկ ես լաւ եմ, ես լաւ եմ, թէ դեռ ինծ կը սիրեն, կը սիրեն:
Այսօր:
No comments:
Post a Comment