Այնքան եմ կարօտել ես
Հայերէնն իմ մայրենի
Արեւելահայերէն
Արեւմտահայերէն
Քաղքցիերէն շեշտով
Հազրօյի համեմներով
Կամ երկարիմ մինջեւ հոն
Ուր Պարսկահայը կ'երգէ
Երեւանցին «ԻԻԻԻԻ» կ'ըսէ
Իսկ Պէյրութցին լաւ մը «կոր»
Հայերէն մագուր, գրական անհուն
Արդէն գրաւած սուրբ տեղն իմ սրտում
Կուգայ յուշել ինձ իմ իսկ կարօտը
Հանդէպ լոյս դէմքին մարմնին ու խելքին
Կարօտել եմ ես
լսել րիթմը քոյ
երբ քեզ կը սիրեմ
ճիշդ ահա այսպէս
Քեզ կը գտնեմ ես
Վաղն առաւօտուն
Հետն արեւին
Երբ ան կը ծագի
Հետն այն բանին
Որ քու մասին է
Ինքզինքդ շատ չտեսնես
Անգլերէնը կայ
Նաև Քաղիերէն
Մինիմալիզմը
Եկուր հոն մոռցիր
Հիմակուհիմա
Հոն ուր հովերը
Ազատ կը խաղան
Կարօտցայ քեզի
Այդ մէյ մը ըսի
Լաւիկ ճան լաւիկ
Առաջին խորհիկ
Արփի Տատոյեան
Օգոստոս 18, 2013
Չէնտլըր, Արիզոնա
No comments:
Post a Comment