"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Saturday, March 24, 2012

Այսօր Սինեմա Քացի

Եւ դեռ պիտի քնանամ:  Առտուայ ժամը հինգն է: Կը կարծեմ այսօր մարզանք չնելուս արդիւնքն է արթուն մնալս: 

Ի՞նչ տեսար թերեւս հարցնէք:  The Hunger Games պատասխանեցի:  Սիրեցի՞ր:  Գիրքերը, երեք հատոր, կարդացած էի ամիսներ առաջ եւ քիչ մը մտավախութիւն ունէի որ յուսախաբ կրնամ ըլլալ որպէս օրէնք գիրքէն շարժանկար վերածուած նիւթերու անցեալի փորձարութիւններուս պատճառաւ:  Միայն մէկ պարագայ կրնամ յիշել ուր, շնորհիւ Մէրիլ Սթրիփի լուսաւոր խաղարկութեան, շարժանկարը (Sophie's Choice) եկաւ պաշտպանելու գիրքը: 

Այսօր կարքը Ճէնիֆըր Լօրէնսին էր:  Ինքն էր որ փրկեց Անօթութեան Խաղերը:  Շնորհիւ մօտէն նկարահանուած իր դէմքին եւ իր շատ նուրբ արտայայտիութիւններուն, խօսակցութեան գրեթէ պէտք չկար հասկնալու համար ինչ որ կը կատարուէր այդ դէմքին ետին:  Ֆիլմի մը համար, որ աւելի action կրնայ համարուիլ քան թէ խօսակցական, շատ կարեւոր էր գտնել մէկը որ ամբողջ երկու ժամ քսան վարկեան մեր ուշադրութիւնը գրաւէր:  Ճէնիֆըր Լորէնս ինծ ապշեցուց:  Իր ներկայութիւնը պաստառին վրայ նորոյթ էր իր ինքնատիպ խաղարկութեան պատճառաւ:

Կրնամ ըսել թարմ, ոչ թէ որովհետեւ երիտասարդուհի է, այլ կրցաւ մեզի հրամցնել խելացի եւ ամէնանուազ դիմախաղեր որոնց բնաւ հանդիպած չէի ասկէ առաջ: 

Պիտի չգրէի այս մասին եթէ զինք տեսած չ՛ըլլայի հարցազրոյցի մը ընթացքին:  Բոլորովին տարբեր երեւոյթով այս կեանքով թրթռացող, շաղակրատող աղջիկը կրցած էր մեծ ոստում մը ընել դէպի ներքին կեանքով լեցուն նուազ խօսուն Քաթնիս Էվըրտինը:

Ան ալ ըսեմ որ տարին մէկ անգամ հազիւ սինեմա կ՛երթամ վերջերս:  Ուրեմն այս տողերը կարդացողը թող ներէ ինծի եթէ չտեսի խօսքեր կը թուին ըլլալ:

No comments:

Post a Comment