"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Thursday, July 15, 2010

Վերջապէս

Կը քնանայի կոր: Անգլերէն լեզուն քունս բերաւ: Քնացայ: Երազիս մէջ յիշեցի որ հայերէն գիտեմ: Արթնցայ: Թէ ինչպէս յիշեցի: Հայերէն Լեզուի Սրբագրիչ Բառարան անունով էջի մը կոճակը կայ այս էջին վերեւը եւ որը հազուագիւտ գործածած եմ: Եթէ հետաքրքրուած էք հայերէնի ուղղագրութեամբ հասցէն հետեւեալն է - http://nayiri.com/search?l=hy_LB: Ինչ լաւ աղջիկ եմ, չէ՞: Ստիպուած:



Քարթ մը ստացայ սիրելի ընկերուհիէ մը որուն իմ խտասալս ուղղարկած էի: Յետ Գրութեամբ կը տեղեկացնէր թէ տասնըհինգ տարուայ մէջ առաջին անգամն է որ հայերէն կը գրէր: Ուրախանայի՞ թէ տխրէի: Այս ընկերուհիս հայկական դպրոցը աւարտած է տարիներ առաջ: Ուրեմն որոշեցի ուրախանալ որովհետեւ եթէ մենակատարութիւններս գրած չ՛ըլլայի, նախ արեւելահայերէն «քիպորտ»ի վրայ եւ հետոյ արեւմտահայերէն, նոյն բանը պիտի ըսէի:

Երբ մօտիկ ընկերուհիներ կամաց կամաց հեռացան Պէյրութէն իրենց ընտանիքներով եւ հասան այս ափերը կամ Եւրոպա, նամակներ կ՛երթային կուգային էջերով: Մեր կարքն ալ եկաւ: Մենք ալ եկանք: Նորէն նամակներ սկսան երթալ քալ էջերով: Բոլորը հայերէն լեզուով գրուած: Պահած էի զանոնք եւ հետս պտտցուցած տունէ տուն, քաղաքէ քաղաք, երկիրէ երկիր: Չէի կրնար զանոնք թափել: Երբ հաստատեցի որ բոլոր անոնք որոնց ես տարիներ շարունակ նամակներ ղրկած էի, առանց վարանելու թափած էին այդ նամակները, ես ալ իրենցը թափեցի: Բայց մինջեւ որոշ թուական մը: Այդ թուականէն ասդին չեմ թափած ոչ մէկ նամակ որովհետեւ հետոյ երբ համակարքիչը մէջտեղ ելաւ նամակները սկսան տպագրուիլ փոխանակ ձեռքով գրուելու եւ աւելի նուազ տեղ կը գրաւեն պահուելու համար: Չեմ գիտեր եթէ իմ ղրկած նամակներս դեռ գոյութիւն ունին: Կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է որ ձեռագիր եղողները թանկարժէք են ներկայիս: Ամէն մէկ հայերէն ձեռագիր գանձ մըն է այս օրերուս:

Իսկ ինչ ըսել Ֆրանսերէն լեզուին: Կիրակի օր, երբ Քալիֆորնիայէն նոր տուն հասայ, քիչ մը տխրած էի այնքան բարեկամներ ետեւ ձգելուս համար որոնց հետ չթր փթր Հայերէն խօսած էի օրերով եւ նկատած որ իրենցմէ ալ աւելի Անգլերէն բառերու օգնութեամբ կը խօսէի Հայերէնը: Երբ սենեակս մտայ, ուղղուեցայ շիտակ դէպի համակարքիչ: Հազիւ զայն բացի, միակ Ֆրանսացի ընկերս կը զանքէր «Սքայփ»էն: Մի քանի շաբաթ առաջ զիս վերագտած էր իմ կայքէջին միջոցաւ: Տասնըհինգ տարի է Ֆրանսերէն չէի խօսած: Ուրախութիւնս չափ ու սահման չ՛ունէր:

Յաջորդ օրը շուկայ քացի գնումներ ընելու եւ հանդիպեցայ Լիբանանցի Մայքին խանութը որ ծխածոտի տեսակներով, անուշահոտ իւղերով, մոմերով եւ Արկիլէներով լեցուն է: Իր հետ Արաբերէն կը խօսիմ: Այդ ալ նորութիւն է: Լիբանան ծնած եւ մեծցած՝ Ամերիկայ քալես ի վեր, առաջին առիթը կ՛ըստեղծուի Արաբերէն խօսելու:

Նկատած եմ որ այս երեք լեզուներու պարագային յաղորդակցութիւնը լեզուին հետ գրեթէ կապ չ՛ունի: Այսինքն, ինչպէս Արաբները կ՛ըսեն՝ - եւ եթէ թարգմանութիւնս ճիշդ է - թռելով կը հասկնայ կամ «պյըֆհամնի ՛աթթայէր»: Ուաթուաթ անանկ կ՛ըսէին, չեմ գիտեր:

Այո՛, այս տաք օրերուն կարելի է դիմանալ:

No comments:

Post a Comment