"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Thursday, March 11, 2010

Ամէն Մարդ Իր Էշը կը Քշէ:

Իմ էշս վերջապէս հասաւ մեր մօտ: Անունը դրի Խտասալաձայնասկաւառակ որ այս էջը արդէն լեցուց իր մեծութեամբ, երկարութեամբ, ժամանակի պահանջքով, եւ ինչու չէ ինքզինքը բան մը կարծող դիրքորոշումով: Իմս է ըսելով չէ որ կ՛ըսեմ՝ սակայն լաւ էշ մըն է: Ես թիւրին թիւրին ամէն էշ հաւնող անձը չեմ: Էշ կայ, էշ կայ: Ասիկա լաւ էշ մըն է: Կը զռայ միայն երբ որ ուզես որ զռայ: Ան էշերէն չէ որ կեցած տեղը մէյ մըն ալ առանց պատճառի կը զռան եւ բոլոր գիւղի կամ քաղաքի բնակչութիւնը կը լսէ ուզէ չ՛ուզէ: Չէ: Այս մէկը սիրելիս քիչ մը աւելի խոնարհ է, եթէ կը թոյլատրէք այդ բառը գործածեմ: Անոր համար այդ անունը տուի իրեն որ սորվի ինքզինքը բան մը կարծել եւ հետեւաբար տրամադրութիւնը բարձրանայ ու զինք քշելու իսկ պէտք չ՛ըլլայ: Այլ ինքնիրեն սկսի քալել, հետոյ վազել առանց գիտնալու որ մարդիկ ճամբուն եզերքը կեցած զինք կը դիտեն եւ ինծի երանի կուտան: Գիտեմ, շատեր պիտի ըսեն «Այս ինչ լաւ էշ է քոյրիկ, ուրտեղէ՞ն գտար: Ինչպէ՞ս գտար: Այս որքան ապրանք շալկած կը վազէ: Երանի անոնց որոնք այս ապրանքները աւելի շուտ պիտի վայելեն քան բոլոր անոնք որոնք թերեւս չստանան իսկ իրենցը»: Երկար պատմութիւն է: Հէքեաթ է: Դեռ դուք իր զռալը չէք լսած:

No comments:

Post a Comment