"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Sunday, November 15, 2009

Դեռ անուն չեմ գտած

Այդքան ալ թիւրին բան չէ եղեր այս խտասալ պատրաստելը: Երգելով ալ չի վերջանար: Ինքնին դպրոց մըն է եւ ինքզինք ճանչնալու առիթ: Մանաւանդ որ վերջ ի վերջոյ ես եմ պատասխանատուն թէ ինչպէս պիտի հնչէ այն ինչ որ ժամանակին կը կոչուէր ձայնապնակ: Այդ բառը երբ դեռ կար ես կ՛երազէի ունենալ իմը բայց երբ բառը փոխուեցաւ ժապաւէնի (քասէթ) եւ հետոյ «էյթ թրաք»ի, իմ երազի պաստառի վրայի նկարներն ալ համապատասխան փոխուեցան, մինջեւ որ հասանք խտասալին: Արտօնեցէք որ ձայնապնակ կոչեմ զայն:



Կարելի էր մէկ ամիսէն ունենալ կոկիկ բան մը բայց երբ անդրադարձայ ձայնագրութեան տուած կարելիութիւններուն՝ «աման» ըսի, «ինչ լաւ է, քիչ մը համեմներ աւելցնենք»: Քիչ մը այստեղ, քիչ մը այնտեղ, այս մէկը հանենք, միւսը դնենք, եւ ահա եօթը ամիս եղաւ:



Աղջիկս Bal Des Débutantes-ին պիտի մասնակցի: Ամէն ինչը բացառիկ եւ կատարեալ պէտք է ըլլայ: Մուտքէն սկսեալ պէտք է գրաւէ ներկաներուն, առ նուազն, ուշադրութիւնը, լաւ քալէ, լաւ խօսի, խօսքերը լաւ հնչեն, իր տաղանդները ցոյց տայ եւ պէտք է ներկաները ուզեն զինք իրենց տունը տանիլ եւ իրենց հարսը ընել:



Հոս է որ խնդիրը կը բարդանայ: Աղջիկս մէկ հոգի է: Չի կրնար ամէնուն տունը հարս երթալ: Թերեւս ատոր համար է որ աղջիկ չ՛ունիմ: Բայց ահա մօտ օրէն խտասալի մը ծնունդ տալու ճամբուն վրայ եմ արդէն: Եօթը ամսու եմ: Բոլորս գիտենք ինչ ըսել է եօթը ամսու ըլլալ: Պէտք է պատրաստ ըլլաս ամէն վարկեան: Ինչ կ՛ըլլայ ինչ չ՛ըլլար:



Երգելը ամէնէն հեշտ մասն է այս փորձարութեան: Սխալներ ընելն ալ հեշտ է եւ սորվելու առիթ, բայց ամէնէն կարեւորը եւ դժուարը, ինծի համար, արտայայտուիլն է երբ պահանջքներ կ՛ըզգամ: Սորվեցայ որ եթէ սիրտդ թուրշի կ՛ուզէ, բերանդ պիտի բանաս եւ «թուրշի կ՛ուզեմ» ըսես: Պէտք է ուտես այդ թուրշին եւ ոչ թէ պատճառներ գտնես չ՛ուտելու: Երեխան է կարեւորը հոս եւ ոչ թէ աղին քանակը մարմինիդ մէջ: Այս միակ առիթն է ուր կրնաս սրտիդ հետեւիլ սանձարձակ: Տիեզերային օրէնք է:



Այսինքն դուն քու վրադ վստահութիւն ունեցիր: Թէ ոչ ամէն անգամ որ ձայնապնակը լսես, ականջներդ պիտի ցաւին, հետոյ սիրտդ: Տեսա՞ր, ետ սրտին եկանք:



Իսկ երեխան ի՞նչ պիտի կոչուի: Այս ալ դժուար է որոշել: Հայերէ՞ն թէ հայա-ֆրանսա-անգլերէն: Չէ՞ որ Ֆրանսերէն եւ Անգլերէն երգեր ալ կան ձայնապնակին վրայ: Չէ՞ որ Ամերիկայ կ՛ապրինք:

Ameriga

Gateway

36+2 (այբենգիմի տարրերուն թիւը)

December

Linelle

Ser-mi-eh

Բայց ինչպէս որ ըսին ինծի «երբ որ վերջանայ, կը գտնես»:

1 comment: