Եկեղեցիին պազարի օրն է: Հին բարեկամներու հետ տեսնուելու առիթ մը, չհաշուած եկեղեցիին օգտակար ըլլալու եւ համադամ ճաշեր ուտելու պարտքերը: Երկար սեղաններ շարուած են քով քովի: Մայրս, քոյրս ու ես բաւական շրջելէ ետք տեղ մը կը գտնենք: Մեր սեղանին չկան ծանօթներ բայց մինջեւ մեր տեղ գտնելը ծանօթներու բարեւեցինք ուրիշ սեղաններու ետին: Քոյրս ու ես ելանք նորէն շրջեցանք, գնումներ ըրինք պզտիկ կրպակներէն, խօսեցանք, կատակեցինք, իրարու նուէրներ առինք եւ վերադարձանք մեր սեղանը այս անգամ ընթրելու: Ատէնը մէյ մը խօսնակին ձայնը «ձեր ինքնաշարժին տեղը եթէ չփոխէք, ոստիկանը ձեզի տոմսակ պիտի տայ» կը յայտարարէր ինքնաշարժին թիւը տալով: Կամ «ինքնաշարժին լոյսերը վառած մնացած է եւ ձեր պաթէրին պիտի պարպուի»:
Զարմիկս եկաւ: Տեղ ըրինք: Քրոջս ընկերուհին եկաւ: Տեղ ըրինք: Մեզ հետ կրցան նստիլ որով մի քանի հոգի մեկնած էին արդէն: Շատեր գացին, ուրիշներ եկան: Ոտքի կեցողներ, շրջողներ, երեխաներ եւ անվերջ բարձրաձայն խօսակցութիւն: Դժուար կը լսուէին յայտարարողին ըսածները:
Քիչ ետք աճուրդը սկսաւ: Ուրիշ մարդ մը սկսաւ աճուրդի դրուած նուէրները ցոյց տալ, բարձրախօսէն յայտարարելով գինը, եւ բնտռեց այդ գինէն աւելի տուողներ ներկաներուն մէջ: Մենք հազիւ կը տեսնէինք կամ կը լսէինք թէ ինչեր աճուրդի դրուած էին: Կրցանք տեսնել գծագրութիւններ, մոմակալ մը, եւայլն: Մի քանի կտոր ծախուելէ ետք մարդը դժուարութեան հանդիպեցաւ եւ ուզեց մեզի յիշեցնել թէ ինչու համար եկած ենք:
«Եկեղեցին հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ: Իսկ ուրիշներ բաց աչքով չեն տեսներ» աւելցուց:
Ու կրկնեց «Եկեղեցին հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ: Ո՞վ գրեր է ասիկա: Ո՞վ գիտէ:»
- Վահան Թէքէեան ըսի զարմիկիս որ աչիս նստած էր երբ ձախիս նստած տիկինը, որուն չեմ ճանչնար «Ի՞նչ ըսաւ, ո՞վ չի տեսներ կոր» հարցուց ինծի:
Կրկնեցի ինչ որ մարդը ըսած էր:
Դիմացս նստած տիկինը քաջալերուելով որ պատասխաններ ունիմ «Մարդուն անունը ի՞նչ է եղեր» հարցուց: «Վահան Թէքէեան» ըսի: «Այսինքն այս մարդը, առանց տեսնելու, եկեղեցի՞ն գծեր է» հարցուց: Կրցայ «ո՜չ, բանաստեղծութիւն գրեր է» ըսել եւ ծռեցայ սեղանին տակէն իբրեւ թէ բան մը բնտռելու:
No comments:
Post a Comment