Եւ դեռ պիտի քնանամ: Առտուայ ժամը հինգն է: Կը կարծեմ այսօր մարզանք չնելուս արդիւնքն է արթուն մնալս:
Ի՞նչ տեսար թերեւս հարցնէք: The Hunger Games պատասխանեցի: Սիրեցի՞ր: Գիրքերը, երեք հատոր, կարդացած էի ամիսներ առաջ եւ քիչ մը մտավախութիւն ունէի որ յուսախաբ կրնամ ըլլալ որպէս օրէնք գիրքէն շարժանկար վերածուած նիւթերու անցեալի փորձարութիւններուս պատճառաւ: Միայն մէկ պարագայ կրնամ յիշել ուր, շնորհիւ Մէրիլ Սթրիփի լուսաւոր խաղարկութեան, շարժանկարը (Sophie's Choice) եկաւ պաշտպանելու գիրքը:
Այսօր կարքը Ճէնիֆըր Լօրէնսին էր: Ինքն էր որ փրկեց Անօթութեան Խաղերը: Շնորհիւ մօտէն նկարահանուած իր դէմքին եւ իր շատ նուրբ արտայայտիութիւններուն, խօսակցութեան գրեթէ պէտք չկար հասկնալու համար ինչ որ կը կատարուէր այդ դէմքին ետին: Ֆիլմի մը համար, որ աւելի action կրնայ համարուիլ քան թէ խօսակցական, շատ կարեւոր էր գտնել մէկը որ ամբողջ երկու ժամ քսան վարկեան մեր ուշադրութիւնը գրաւէր: Ճէնիֆըր Լորէնս ինծ ապշեցուց: Իր ներկայութիւնը պաստառին վրայ նորոյթ էր իր ինքնատիպ խաղարկութեան պատճառաւ:
Կրնամ ըսել թարմ, ոչ թէ որովհետեւ երիտասարդուհի է, այլ կրցաւ մեզի հրամցնել խելացի եւ ամէնանուազ դիմախաղեր որոնց բնաւ հանդիպած չէի ասկէ առաջ:
Պիտի չգրէի այս մասին եթէ զինք տեսած չ՛ըլլայի հարցազրոյցի մը ընթացքին: Բոլորովին տարբեր երեւոյթով այս կեանքով թրթռացող, շաղակրատող աղջիկը կրցած էր մեծ ոստում մը ընել դէպի ներքին կեանքով լեցուն նուազ խօսուն Քաթնիս Էվըրտինը:
Ան ալ ըսեմ որ տարին մէկ անգամ հազիւ սինեմա կ՛երթամ վերջերս: Ուրեմն այս տողերը կարդացողը թող ներէ ինծի եթէ չտեսի խօսքեր կը թուին ըլլալ: