Վենետիկ
Վենետիկի քարը
ջուրէ շինուած է
ճամբայ ճամբայ կը հոսի
ու երբ կարծրանայ ‐
թափանցիկ
գունաւոր
Մուրանոյի ապակի կը դառնայ
Ֆլորանս
Կը զգաս թէ
սալայատակի քարն իսկ
ոտքիդ տակ
կը յուսայ
օր մը
արուեստի գլուխ գործոց մը դառնալ
եթէ չէ
արդէն
No comments:
Post a Comment