"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Monday, September 14, 2009

Փոխան Բեմ Ելլելու

Սոսի քրոջս տղան ամուսնացաւ:

Նկարները ելան: Լուսանկարիչին կայքէջին վրան են:

Ժիր գիտնալով որ մայրս ալ պիտի փափաքէր զանոնք տեսնել, զինք հրաւիրեցի որ միասին դիտենք: Մայր ու աղջիկ նստանք համակարքիչին դիմաց ու բացի էջը:

Առաջին նկար՝ հարսին մազերը կը սարքեն: Քարինն է:

«Հաաա՜, իրենք են» ըսաւ մայրս եւ ես հասկցայ որ յաջորդ նկարը պէտք է ցոյց տալ:

Երկրորդ, երրորդ, չորրորդ նկարներն ալ իրենք էին եւ մօրս հետաքրքրութիւնը նոյնը մնաց: Այսինքն «ասիկա ո՞վ է» եւ «հաա՜ա»էն անդին չ՛անցանք: Նոյնիսկ իր առջնակ թոռը, Հուրիկ քրոջս մեծ աղջիկը, որ հարսին «պրայծմէյտ»ներէն մէկն էր, ստացաւ քաղջ սակայն ամէնէն դրական հակազդեցութիւնը մինջեւս: «Հա՜ Սանանն է»:

Այսինքն խնամիական կողմնորոշութիւն չէր մօրս ըրածը: Մենք եւ իրենք չէր: Վերջը հասկցայ:

Արագ արագ կ՛անցնիմ: Հարսնեւորները կը տողանցեն նկարներուն ընդմէջէն:

Հարսը տան դռան առջեւ: Հասանք եկեղեցի: Հարսը ինքնաշարժէն դուրս կ՛ելլէ: Փեսան՝ Վահիկը, խորանին առջեւ կ՛ըսպասէ իր կնքահօր եւ ընկերներուն հետ:

Մինջեւ հիմա ժխտական ոչինչ կայ բայց մեծ հետաքրքրութիւն ալ չկայ: Այսինքն ինք ներկայ էր պսակին եւ այս ամէնը տեսաւ:

Հիմա մատանի կրող փոքրիկ մանջը կը քալէ դէպի խորան: Ետեւէն կուգայ փոքրիկ աղջիկը վարդեր թափելով հարսին առջեւ: Ճամբուն կէսին, չես գիտեր ինչու, կանք կ՛առնէ եւ ալ չ՛ուզէր յառաջանալ: Ամէն կողմէ թեւեր երկնցած իր ճամբան ցոյց կուտան բայց աղջնակը կը մտնէ այն նստաշարքը ուր իր մայրը նստած էր եւ վերջ:

Ներողութիւն: Ցատկեցի: Մատանի կրող մանջուկէն առաջ, կարծեմ նոյնիսկ ամէնէն առաջ, կը մտնեն Վահիկին մեծ մայրը, հօրը կողմէ, որմէ վերջ միւս մեծ մայրը, այսինքն իմ մայրս: «Հաա, հաա, ես եմ, ե՜ս» կ՛ուրախանայ վերջապէս մայրս: «Այդ ո՞վ է թեւը մտեր եմ»: Իր նախասիրած փեսան է, քրոջս ամուսինը, Հէնրին, կը բացատրեմ: Մայրս վերջերս քիչ մը կը շուարի իր յիշողութեան մէջ: Քիչ մը կ՛երերանք այս նկարին դիմաց, կը քննարկենք իր հագած հագուստը թէ գեղեցիկ էր եւ ինչքան վայլած էր իրեն ու կը շարունակենք:



Պսակը կը վերջանայ, հարս ու փեսան դուրս կ՛ելլեն եկեղեցիէն, ճերմակ աղաւնիներ ազատ կ՛արձակեն, ժողովուրդ, հարսնեւորներ, ուրախութիւն, կը նստին իրենց վերապահուած ինքնաշարժը ու կ՛երթան նկարուելու: Հիմա պանթոկի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ ենք: Խմիջքի պահն է, այսինքն «Քոքթէյլ»ի եւ ախորժաբեր ուտելիքներու: Հիմա ընթրիքի եւ պարելու սրահն ենք: Հոս նորէն մուտք կը գործեն այն կարքով որով մտած էին եկեղեցի: Այսինքն նախ մեծ մայրերը: Հոս ալ քիչ մը կը տնտնանք որովհետեւ քալած ատէնը մօրս հագուստին վարի մասը քիչ մը շեղակի քացած է: Քիչ մը կը նեղուինք եւ կը շարունակենք:

Կը տեսնենք Պէյրութէն այս առթիւ ժամանած քրոջս ընկերուհին Ազնիւը, Ֆրանսայէն՝ զարմիկներս, Քալիֆորնիայէն, Շիքակօյէն, Տիթրոյիդէն, Պոսթընէն ազգականներ, խնամիներ, բարեկամներ եւ ուրիշներ: Պարողներուն մէջ յանկարծ կը յայտնուիմ ես: Մայրս, ուրախ, կը բացականչէ «տես, հա, դուն ես, դուն ես, դուն ալ կաս մէջը, կը պարես կոր»: Հաաա՜ լաւ որ ես ալ կամ եղեր:

Նկար մը յանկարծ կը ցնցէ զինք: Մայրս, հարս ու փեսային հետ նկարուած: «Ամաա, ասիկա ե՞րբ նկարեր են: Իրենք ե՞րբ մեր սեղանը եկան: Չ՛եկան: Չնկարուեցանք:» Իրեն միայն նկարը մատնանշեցի, որպէս փաստ: Ինչպէս որ ըսի քիչ առաջ, մայրս քիչ մը յիշողութեան խնդիր ունի:

Այս երեւոյթը զինք դարցուցած է աւելի անկեղծ ու թափանցիկ եւ հետեւաբար մեր յարաբերութիւնը լաւացուցած:

Երբ սկսայ այս կտորը գրել, միակ բանը որ գիտէի այն էր թէ պէտք է գրէի: Եւ քիչ մնաց, այդ պզտիկ աղջկան պէս, կէս ճամբան պիտի կենայի, բայց շարունակեցի պարզապէս գիտնալու համար որ ինչու՞ կը գրեմ: Գիտցայ:

Ցատկելու համար դէպի անցեալ: Նստելու համար իմ մայրական մեծ հօր քով, օրաթերթը բանալու եւ իրեն համար բարձր ձայնով կարդալու: Գրեթէ ամէն օր որ դպրոց չ՛ունէինք, ամէն կէսօրէ վերջ որ ազատ էինք, ամէն անգամ որ իրեն այցելութեան երթայինք կամ ինքը մեր տունը գար:

Բարձր ձայնով կը կարդայի որովհետեւ Տէտէին լսողութիւնը եւ տեսողութիւնը նոյնքան տկար էին: Այսինքն շատ տկար էին: Այդ ալ ուրիշ պատմութիւն թէ ինչու: Հիմա հոն չ՛երթանք:

«Արփօ՜ էկօ քիչ մի ընծի էս թերթէ, սանկ, քիչ մի կարդայ, ինչ կ՛եղնայ, հաճիս:» Կը Կարդայի:
«Էս մինծ գիրիրէ կարդայ»: Նախ խորագիրները կը կարդայի:
«Անցի՜» կ՛ըսէր եթէ հետաքրքրուած չէր:
«Մի քանի տող կարդայ իյյանք ինչ կ՛ըսէ», եթէ քիչ մը հետաքրքրուած էր:

Կը կարդայի, բարձր, երբեմն, երբ չէի կրցած իրեն «ոչ» ըսել եւ հետեւաբար ինքզինքես բարկացած էի, պէտք եղածէն աւելի բարձր կը կարդայի: Գլուխը կը դարձնէր ու ինծի կը նայէր այնպէս մը որ ըսել կ՛ուզէր «հիմա ինչ եղաւ քեզի»: Կը խելօքնայի:

«Զարմանալի բան»: Տէտէյին ամէնէն շատ գործածած նախադասութիւնը:

Ամառը կը նստէինք իրենց «վերանտա»ն եւ ես դրացիներուն համար ալ լուրերը բաշխելու նպատակաւ կամ իմ հեզասահ կարդալս ու հստակ առոգանութիւնս իրենց լսցնելու համար, կամ եւ, ինչու չէ, իմ իսկ ձայնը լսելու համար, ձայնիս ուժգնութիւնը քիչիկ մը կը բարձրացնէի:

Աշխարհի զանազան երկիրներէն Լիբանանեան եւ հայկական կեանքէն քաղաքական կամ մշակութային լուրեր որոնց կ՛ընկերանային անուններ որոնք կը սորվէի կամա ակամա: Կը սորվէի նայեւ իմ սորված հայերէն լեզուն լաւագոյնս օգտագործել կարդացածս ատէն: Ու կարդալը կը դառցնէի հաճոյք: Նախադասութեան կետադրութիւնները կը յարգէի, բառերը մաքուր կ՛արտասանէի, շեշտերս կը փոխէի եւ աւելի հետաքրքրական կը դարձնէի այն ինչ որ իրապէս ինծի չէր հետաքրքրէր այդ փոքր տարիքիս:

Այս մարզանքը հետաքային իմ թատրոնի դերասանական օրերուս գործի պիտի ծառայէր:

«Էհ, ըսօր կը բաւէ: Ապրիս, ապրիս աղջիկսի: Շատ շնորհակալ իմ: Կը բաւէ»:

Օր մը Տէտէն ուզեց որ անպայման կարդամ այն յօդուածը ուր Մարիլին Մընրօն, տեսողութիւնը զօրացնելու համար, զանազան աչքի մարզանքներ կը թուէ «Աչքի Մարզանքներ» խորագիրին տակ: Տէտէն անշուշտ չէր գիտեր Մարիլին Մընրօյին ով ըլլալը եւ ինչ երեւոյթ ունենալը: Ուզեց որ անգամ մըն ալ կարդամ սոյն յօդուածը: Կարդացի եւ ուրախացայ իրեն համար: Մինջեւ հիմա կը յիշեմ անոնցմէ մէկը կ՛ըսէր որ արագ արագ նախ ամէնէն հեռուն նայիր եւ հետոյ ամէնէն մօտը:

Զարմանալի բան: Ատկէ առաջ ոչ մէկ նոյթով այդ աստիճան չէր հետաքրքրուած Տէտէն:

Մօրս «հաա՜ես եմ, ես»ին պէս ու քիչ մըն ալ աւելի:

Խոնարհութիւն:

2 comments:

  1. Appigggggggg, for the 1st time since yearsssss I read in armenian.. I found it easy and very funny. I loved your reading cessions with your granpa. Thank you Appig I am so pround of you. Thank you for being the reason of my reading in armenian. I did't found it so difficult as I used to.

    Keep on writting yavrig.
    Batchig

    ReplyDelete
  2. That made my day. Thank you!

    ReplyDelete