Կիրակի առաւօտ մը, աշնան սկիզբը, Նիու Միլֆըրտի (Նիու Ճրզի) ամէնէն խոշոր ծառը, որ կը տեսնեմ իմ աշխատասենեակի պատուհանէն, արդէն սկսած է գունափոխել իր տերեւները։ Այսօր, իր գոյնը կը նմանի սոխի կեղեւներով ներկուած զատկուայ հաւկիթի գոյնին։ Ուրիշ ծառեր, կարմիրի, դեղինի եւ նարնջագոյնի երանգներ կ'արձակեն։
Լուսինէ Զաքարեանի ձայնը կը լեցնէ սենեակս։ Իր երկինք հասնող ձայնը հայեացքս կը տանի կապոյտին եւ մտքով կը տեղափոխուիմ Հայատան։ Էջմիածին։ Ուրիշ Կիրակի մը, տարիներ առաջ երբ Լուսինէն իր ձայնով անձամբ հմայեց մեր հոգիները։
Երազանքս կ'ընդհատուի անախորժ մեքենայի մը ձայնով։ Այս անգամ կը նայիմ վար։ Մեր դրացի Մայքը, իր պարտէզի խոտերը կտրելու գործը վերապահած է Կիրակի առտուներուն։ Լուսինէի եւ մեքենայի ձայնախածիկները կը մրցին իրար հետ, կը կռուին, կը պատերազմին։ Երկուքն ալ հաւասար իրաւունքներ ունին։ Մայքը շատ բարի մարդ է, ընտանիքի մեծ հայր եւ մէկ տարիէն հանգստեան պիտի կոչուի եւ ժամանակ պիտի ունենայ աւելի լաւ խնամելու պարտէզը ըսած էր ինծի։ Դրախտային երեւոյթ պիտի ունենայ ըսած էր։ Լուսինէին ձայնին պէս որ այս վարկեանին կը լսուի մեքենայի դժոխային ձայնին ընդմէջէն։
Այս դէպքը պատճառ եղաւ որ յիշեմ այն մի քանի տարիները երբ Նիու Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին քարտուղարութիւն կ'ընէի։ Եկեղեցիի Կիրակնօրեայ Պատարագները միշտ համեմուած էին քաղաքի ոստիկանութեան ինքնաշարժներու «Սի Պի Րատիօ»ներէն սբրուող խօսակցութիւններով որոնք տեղ գտած, կը լսուէին եկեղեցիի բարձրախօսներու ընդմէջէն։ Հակառակ մասնագէտներու միջամտութեան եւ ջանքերուն, զզուանքի հասցնող կանոնաւորութեամբ, մօտ երկու տարի, անոնք շարունակեցին ընկերանալ Տէր Ողորմեային, Սուրբ Աստուածին, պսակի, յուղարկաւորութեան եւ ուրիշ արարողութիւններուն։
Իսկ այսօր, նորէն Կիրակի երբ այս կը գրեմ, կ'ունկնդրեմ ովկեանոսներու վրայէն սաւառնած Հայերէն եւ Ֆրանսերէն երգեր որոնք կը մրցին միւս սենեակէն եկող եւ հեռատեսիլի կայաններէն սբրուող յայտարարութիւններուն հետ։ «Եթէ դեղը որ կ'առնէիք պատճառ եղաւ որ ստինքներ ունենաք, եւ դուք այր մարդ էք, դիմեցէք մեր փաստաբանական ընկերութեան։ Ձեզի աղուոր հատուցում կը խօստանանք։»