«Գրողը տանի» կամ «գրողը տանի զինք» լսած եմ շատ, մանաւանդ լուսահոգի մօրս միջոցաւ։ «Գրող» բառին իմաստը չէի հասկցած։ Ինչ է այս գրող ըսուածը հարց կուտայի անվերջ։ Կենդանի՞ մըն է, վիշա՞պ մը որ կրնայ կուլ տալ այն բանը կամ անձը որ մօրս ձաւ կը պատճառէր այդ պահուն։ Շատ հազուագիւտ անգամներ, գրելու հետ կը կապէի։ Վերջիվերջոյ այս գրողը նոյն ձեւով կը հնչուի ինչպէս միւս գրողը եւ ես, համառօրէն, կը հաւատայի որ նոյն ձեւով ալ կը գրուի։ Համէնայն դէպս, երկու պարագային ալ իմաստ չէի գտնէր մէջը։ Գրող մը ինչպէ՞ս կրնայ մօրս ձաւերը տանիլ։ Եւ ու՞ր պիտի տանի եթէ տարաւ։ Ի՞նչ ձեւով պիտի տանի։ Կը հասկնայի որ այս ասացուածքը ճարահատութենէ փխած էր։ Խնդիրը լուծելու կամ անձին հասկնալու անկարողութենէն։ Իսկ գրողը կը հնչուէր երկու Րէյով, այսինքն «գրրողը տանի»ն կը շեշտէր ուժքնութիւնը ձաւին։
Պատասխան չկար, մինջեւ որ սկսայ, այս կամ այն պատճառով գրել։ Եւ հասկցայ։ Իմ ձաւերս կրցայ «տանիլ»։ Հասկցայ թէ գրելը ինչ մեծ գոհունակութիւն կուտայ եւ ինչ մեծ արտայայտչական ուղի է։
Փառք Աստուածուհիին որ հասկցայ։ Բայց ճիշտ հասկցա՞ծ եմ։