Երկու կատուներ պահած եմ ասկէ առաջ որոնք տունի պէտք ունէին կամ կը կարծուէր որ լաւ ընկեր կրնային ըլլալ ինծի: Առաջինի պարագային, ան որ տուն չ՛ունէր եւ ինծի տրուեցաւ գրեթէ ստիպողական, անուանեցի Սիտըր, Լիբանանի մայրի ծառերուն անունով: Շատ ազատ, անկախ եւ ինքնաբաւ էր: Սիրուելու պէտք չ՛ուներ: Թեղին մազեր ունէր եւ թեղին աչքեր: Ջուր եւ ուտելիք կը բաւէին իրեն: Առտուայ ժամը վեցին զիս կ՛արթնցնէր որ զինք կ՛երակրեմ: Եւ այդքան: Անկէ զատ, երկուքս ալ ազատ էինք մեր կեանքերը ապրելու ինչպէս որ կ՛ուզէինք: Բայց երբ սկսաւ տունէն դուրս ելլել, աւելի ու աւելի երկար ժամանակ կ՛առնէր իր վերադարձը: Սկսայ զինք մոռնալ:
Շատ անգամ կուգար ներս ձայնը քաշուած ինչ ինչ կերած ըլլալուն պատճառաւ կը կարծէի: Էնիկմա էր: Դրացիս ըսաւ որ հոգեկան հիւանդութիւն ունի Սիտըրը: Օր մըն ալ քնաց եւ ետ չ՛եկաւ: Մինջեւ հիմա կը տխրիմ երբ իր մասին մտածեմ: Չհասկցանք իրարու:
Երկրորդ կատուն ինծի տրուեցաւ երբ կ՛ապրէի Րոտ Այլընտի մէջ: Արդէն անուն ունէր: Թօմ: Կամ Թօմաս: Այս մէկն ալ առու էր եւ շատ անկախ: Կանաչի եւ կապոյտի խարնուրդ աչքեր ունէր եւ մոխրագոյն մազեր: Դուրս չէր ելլեր բնաւ: Իր ներկայութիւնը չէի զգար իսկ: Բայց օր մը ինչպէս եղաւ դուռը երբ բացի, ինծի հետ դուրս ելաւ եւ սկսաւ վազել: Դէպի ու՞ր՝ չտեսայ: Իրիկունը երբ տուն վերադարձայ, նորէն չկար: Սիտըրը յիշեցի եւ սկսայ մտահոգուիլ: Յաջորդ առտու հեռաձայն մը եկաւ այն ընտանիքէն որմէ եկած էր այս կատուն: Հոն քացած էր:
Այսինքն մի քանի մղոն վազած կամ քալած եւ գտած իր բուն ընտանիքը:
Այս երկու պատահարները ինծի յիշեցուցին որ պէտք է մարդ արդար ըլլայ հանդէպ այս կենդանիներուն: Միայն ուտելիքով չէ որ անոնք կը բաւարարուին: Կը կարծեմ կատու սիրողները որոշ կապ մը կ՛ըզգան անոնց հետ եւ կը սիրեն բնականօրէն եւ ոչ այս կամ այն պատճառով: Սէրը հոս ալ կոյր է:
Մարդիկ կան կատու կը սիրեն, ուրիշներ շուն կը սիրեն, եւ շատեր երկուքն ալ կը սիրեն: Անգլերեն եթէ գրէի, աւելի ճիշդ ձեւը կայ ըսելու, առանց սիրելու կամ չսիրելու հարց ծագեցնելով: I am not a cat person. Ես կատու անձ մը չեմ այսինքն: Շու՞ն, հանգիստ:
Եկուր տես որ այս Միս Քիթին որուն ես Միս Ամերիքա անուանած եմ, շատ տարբեր է միւս երկուքէն: Զիս առաջին իսկ տեսնելուն եկաւ գիրկս բազմեցաւ: Անվերջ կ՛ուզէ գրկուիլ, շոյուիլ, սիրուիլ եւ ձայնը չի կենար երբ արթուն է:
Ձայներու հաւագածոյ մը ունի որ Մէրիլ Սթրիփին նախանձը կրնայ արթնցնել: Երբեմն նոյնիսկ yes կամ no կը կարծեմ լսել այնքան որ նուրբ եռանքներով ձայնի ելեւէջներ ունի: Իսկ իր փոփոխական դէմքի արտայայտութիւնները նոյնիսկ մարդկանց մօտ չեմ տեսած:
Երբ վերջապէս համոզուեցաւ ու անդրադարձաւ որ Կէրին իմ ալ ընկերս է, նայուածք մը նետեց ինծի որ կ՛ըսէր, անգլերէն՝ "BITCH": Հաւանաբար ես ալ նոյնը ընէի եթէ իր տեղը ըլլայի:
Բերնին ջուրերը կը վազեն երբ զինք գիրկս առնեմ ու շոյեմ: Իսկապէս: Շատ կը սիրէ սիրուիլ եւ ամէն ինչ կ՛ընէ որ զինք գրկեմ: Երբ չհասկնալ կը ցեւացնեմ եւ իրեն կը հարցնեմ թէ ինչ կ՛ուզէ, գլուխը ոտքերուս կը քսէ: Եկուր դիմացիր:
Շատ չի պատահիր որովհետեւ ամբողջ վրաս գլուխս ճերմակ մազ կը բակի:
Սառած մնացի։ Յիշեցի որ երբ դուրսի դուռը կը գոցէի տուն մտնելէ ետք, ձայն մը լսեցի եւ կարծեցի դռան մռնջոցն է։ Բայց դուռը ասկէ առաջ ձայն չէր հանած բնաւ։ Պէտք էր ընդունէի։ Թօմ ուզած էր հետս ներս մտնել բայց իրեն առիթ չէի տուած շատ աճապարած ըլլալով հասնելու տան ձանձրալի ներսը։
Ուրի՞շ։ Ինչպէ՞ս կ'ըլլայ եթէ ան որ պիտի պահէ կատուն, ինք իսկ գտնէ այդ կատուն կամ կատուն զինք, փոխանակ կարքադրուած ամուսնութեան պէս, եւ լաւագոյն միտումով, քեզի տրուի կատու մը։
Մարդիկ կան կատու կը սիրեն, ուրիշներ շուն կը սիրեն, եւ շատեր երկուքն ալ կը սիրեն: Անգլերեն եթէ գրէի, աւելի ճիշդ ձեւը կայ ըսելու, առանց սիրելու կամ չսիրելու հարց ծագեցնելով: I am not a cat person. Ես կատու անձ մը չեմ այսինքն: Շու՞ն, հանգիստ:
Եկուր տես որ այս Միս Քիթին որուն ես Միս Ամերիքա անուանած եմ, շատ տարբեր է միւս երկուքէն: Զիս առաջին իսկ տեսնելուն եկաւ գիրկս բազմեցաւ: Անվերջ կ՛ուզէ գրկուիլ, շոյուիլ, սիրուիլ եւ ձայնը չի կենար երբ արթուն է:
Ձայներու հաւագածոյ մը ունի որ Մէրիլ Սթրիփին նախանձը կրնայ արթնցնել: Երբեմն նոյնիսկ yes կամ no կը կարծեմ լսել այնքան որ նուրբ եռանքներով ձայնի ելեւէջներ ունի: Իսկ իր փոփոխական դէմքի արտայայտութիւնները նոյնիսկ մարդկանց մօտ չեմ տեսած:
Երբ վերջապէս համոզուեցաւ ու անդրադարձաւ որ Կէրին իմ ալ ընկերս է, նայուածք մը նետեց ինծի որ կ՛ըսէր, անգլերէն՝ "BITCH": Հաւանաբար ես ալ նոյնը ընէի եթէ իր տեղը ըլլայի:
Բերնին ջուրերը կը վազեն երբ զինք գիրկս առնեմ ու շոյեմ: Իսկապէս: Շատ կը սիրէ սիրուիլ եւ ամէն ինչ կ՛ընէ որ զինք գրկեմ: Երբ չհասկնալ կը ցեւացնեմ եւ իրեն կը հարցնեմ թէ ինչ կ՛ուզէ, գլուխը ոտքերուս կը քսէ: Եկուր դիմացիր:
Շատ չի պատահիր որովհետեւ ամբողջ վրաս գլուխս ճերմակ մազ կը բակի:
Կէրին կ՛ըսէ որ ոչ ոքի հետ այսպէս չէ վարուած եւ այդ պէտք է զիս ուրախացնէ: