"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Wednesday, May 15, 2013

Թատրոնի Ճամբով - Գլուխ Առաջին

Լիբանանահայ թատրոնի առաջին գիտաժողովը Հայկազեան Գոլէճին մէջ:  Ոտքի՝ Ժալալ Խուրի: 
Haigazian Herald, January 14, 1972.  (Excerpt) Guilda Bechakjian.
   " 1924 witnessed the emergence of the first Lebanon-Armenian theatrical "happening."
In the courtyard of the St. Nishan church, a four hour, twelve scene nationalistic play
"Yeldezen Sassoun", was presented to the Armenian community.
    In 1937 groups were formed, the most eminent of which was initiated by the Mendelian,
known as the Sentougian troupe, with Garo Khatchigian, and Kntouni who had put on plays such as
"The Valley of Tears" (Artsounki Hovide) and "The Fall of Tmgapert" (Tmgaperti Aroume).
    The prominent actors of the time, for whom acting created strife in the need to safeguard
their identity, were, Haig Ardziv, Vart Badrig (who had come from Europe), Mr. and Mrs. Vosganian,
Diran Adjemian, (the well-known caricature artist), and Gaydzag Kntouni also participated in this
movement.
    A union of the Lebano-Armenian theatre was formed in 1932.  The theater developed gradually. 
In 1946 Tavit Evereklian made important achievements.  In the 1950's occured the emergence of
Berj Fazlian in the Vahram Papazian troupe.  The years 1957-1962 saw the forming of the
Haigazian College theatre.
    The best known of our modern Lebano-Armenian troupes is the Kaspar Ipegian, now under the
directorship of George Sarkissian.  This troupe has given more than 400 presentations, toured
the Americas and Iran, and seen the participation of more than 250 theatre people.  Mr. Torossian
then read quotations from the living, modern directors. 
..."
Պէտք է նշել որ Գասպար Իփեկեան թատերախումբը գործել սկսած է 1934ին:   Ինչպէս որ վերի անգլերէն տողերուն մէջ չէ յիշուած ասիկա, նոյնպէս եւ ներկաներուն մէջ զգալի էր այդ խումբի բեմադրիչին եւ անդամներուն բացակայութիւնը:  Ներկայ էին, միւս բոլոր հայ բեմադրիչները եւ շատ մը ուրիշ արուեստագէտներ, դերասաններու կողքին:

Մինջեւ 1960 թիւ Պէյրութի մէջ գոյութիւն ունէր միայն Հայերէն լեզուով գործող թատերախումբեր:  Հետեւաբար, Արաբախօս ժողովուրդը անկէ ալ զրկուած էր : 

Եօթանասունական թուականներու սկիզբը արդէն ութը հայ թատերախումբեր կը ներկայացնէին զանազան կտորներ Պէյրութի բեմերուն վրայ:  Այդ առթիւ Երիտասարդ Հայ պարբերաթերթը ծիծաղի էջ մը հատկացուցած էր իր 35րդ թիւին մէջ որ կ՛արտատպեմ ամբողջութեամբ:

Զուարթ Օփերէթ
«Թէաթր Տիւ Լիպան»ի մուտքին.
- Ինչպէ՞ս գտար «Զուարթ» օփերէթը:
- Օփերէթը զուարթ էր, բայց անոր յաջորդող վէճերը զուարթ չէին:

12 Զայրացած Մարդիկ

Պարահանդէսի մը ատեն.
- Պրն.  Պերճ Ֆազլեանը համրել չի՞ գիտեր:
- Գիտէ. ինչո՞ւ:
- Իր ներկայացուցած բիեսի զայրացած մարդիկը 12էն աւելի էին:
- Ինչպէ՞ս թէ աւելի:
- Սրահի մէջինները չէ՞ր հաշուած:

Ինկած Բերդի Իշխանուհին

- Դժգոհ չեմ որ բերդը ինկած է, բայց ինչո՞ւ շարունակել ինկած . . . ուժերով:

Քաղքենին Ազնուական

Մէկը մեզի հարցուց:
- Կարդացի՞ր Սամօյին գրածը «Արարատ»ի մէջ Յ. Երէցեանի բեմադրութեան մասին:
- Չեմ յիշեր:
- Գրած էր որ. «Երէցեանի բեմադրութեան վերջաւորութիւնը Մոլիէրինէն աւելի յաջող է»:
- Լաւ, ի՞նչ գէշութիւն կայ:
- Գէշութիւն չկայ, միայն թէ Սամօյին ըսածը Մոլիէրինէն եւ Երէցեանինէն ալ յաջող է:

Աստծոյ Լռութիւնը
Ներկայ մը սրահէն դուրս ելլելով:
- Այս որքա՜ն խօսք՝ լռութեան մը մասին:

Կասկածը Կնկայ Մտքին Մէջ
Խմբագրատան մը մէջ:
- Ինչպէ՞ս գտար երկու Գրիկորներու կռիւը:
- Ո՞ր Գրիգորներու:
- Գ. Քէօսէեանի եւ Գ. Սաթամեանին կռիւը «Կասկածը Կնկայ Մտքին Մէջ»ի առիթով:
- Պէտք է այդ բիէսին վերնագիրը փոխել ու ըսել. «Կասկածը փոխադարձ արժէքներու
հանդէպ»:

Ամերիկա Ամերիկա 71

Մեքսիք փողոցին անկիւնը:
- Ի՞նչ կը հետապնդէ բեմադրիչը այս «խաղ»ով:
- Ամերիկա գաղթելու դէմ կը կռուի:
- Բիէսին հասոյթով՝ հեղինակը Ամէրիկա պիտի մեկնի կ՛ըսեն:

Ո՞վ է Վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն

- Տեսա՞ր Վիրճինիայի դերը ստանձնած աղջիկին խաղարկութիւնը:
- Հիանալի՜ կը խաղայ:
- Այդ աղջիկը ի՞նչպիսի աղջիկ է:
- Շա՜տ պարկեշտ, շա՜տ ամչկոտ:
- Վալլահի ես այդ դերը խաղցող աղջիկին հետ չեմ ամուսնանար:
- Քեզի պէս տգէտին՝ այդպիսի աղջիկ տուող չկայ:

Քաջ Նազար

- Սա «Քաջ Նազար»ը ինչո՞ւ է. Թապագեան նորէն չի ներկայացներ:
- Շա՞տ հաւնած էիր:
- Քաջութիւն կը պահանջէր այդպիսի ուժերով «Քաջ Նազար» խաղալ:

Վերի կատակները այս օրս կուգան փաստելու այն երջանկութիւնը որ Լիբանահայ թատրոնը կը վայլէր:  Այնքան ներկայացումներով հորդառատ ժամանակ էր որ հանդիսատէսը չէր գոհանար հայերէն լեզուով բան մը տեսած ըլլալու հանգստութիւնէն:  Ան արդէն կը պահանջէր աւելի լաւը աւելի կատարեալը: Մեծ մրցակցութիւն կար եւ այդ պէտք է նպաստած ըլլար որակին:  Այդ մէկը չեմ գիտեր որովհետեւ վերի նշուած բոլոր խաղերուն ներկայ չեմ եղած:  Գիտենք նայեւ որ քանակ չի նշանակէր որակ:

Սակայն պէտք է ըսեմ որ այդ ժամանակ Պէյրութի մէջ կարելի էր որեւէ երեկոյ ուղղուիլ որեւէ թատերասրահ, եւ վայելել Հայերէն լեզուով ներկայացում մը:

Կային նայեւ անթիւ  թատերախաղեր Արաբերէն լեզուով:  Արաբները արդէն սկսած էին իրենց իսկ գրած թատերախաղերը ներկայացնել եւ մնայուն խումբեր ունէին երբ, եթէ ճիշդ կը յիշեմ, հայերն էին որ թատրոնը սկսան Լիբանանի մէջ:  Հաճախ կարելի էր նայեւ տեսնել Ֆրանսերէն եւ Անգլերէն լեզուներով բեմադրութիւններ:

Թէ ինչպէս:


1968ի Յունիս ամիսն էր: Հեռաձայնը հնչեց:  Վերցուցի ընկալուջը, զարմիկս էր, Սալբին:

- Ազդակ-ին մէջ յայտարարութիւն մը դրուած է:  Պուրճ Համուտի Լեւոն Շանթ Թատերախումբը դերասաններու պէտք ունի:  Ի՞նչ կ՛ըսես, երթա՞նք:

- Այո, ես ալ տեսայ, բայց ինչպէ՞ս: 

Մեր ծնողները պիտի ընդունի՞ն որ իրենց անդրանիկ աղջիկները դերասանութիւն ընեն:

Հ.Մ.Ը.Մի պասքէթպօլի խումբին մաս կազմել՝ այո:

Նոյն միութեան մէջ մրջնիկ եւ հետոյ արենուշ ըլլալ տարիներով՝ այո:

Դերասանութիւ՞ն՝ կասկածելի:


Որոշեցինք կանխել երկար բարակ բացատրականները իւրաքանչիւր ծնողքի ըսելով որ միւսին ծնողները թոյլ տուած են արդեն: 

Մեր ծնողները հայ էին բոլորը:  Մեզի հայկական դպրոցներ ղրկած էին որ ուսում ստանանք, եւ հետոյ իրենց նման ամուսնանանք եւ զաւակներ ունենանք:  Հայ մեծնանք եւ մեծցնենք:  Իսկ մենք կը քալէինք ժամանակին հետ:  Այսինքն մեր սերունդին տրուած էր հայեացքները դէպի աւելի լայն հորիզոններ սեւերել:  Անկիւնադարձ էր:  Փոփոխութեան տարիներ ամբողջ աշխարհին մէջ երբ մենք ուզեցինք հայ թատերական խմբակի մը մաս կազմել:

Այդպէս ալ ըրինք:

Պուրճ Համուտին ուր եւ ինչ տեսակ ըլլալը չէինք գիտեր դեռ: 

Յունիս ամսու երեկոյ մըն էր, տաք, խոնաւ եւ հեղցուցիչ, երբ երկու զարմիկ քաջագործութիւն ըրինք:  Քշեցինք դէպի Պուրճ Համուտ մեր թեւերուն տակ պատրաստ այն հայերէն գրութիւնները որ իւրաքանչիւրս զատած էր բարձրացայն կարդալու համար խումբին եւ բեմադրիչին առջեւ, ինչպէս որ խնդրած էին:

Մեզի ըսած էին որ շենքը կը գտնուէր Ազատամարտ Ակումբին ետեւը:  Հարցուցինք դես դեն թէ ու՞ր կը գտնուի Ազատամարտ Ակումբը:  «Հոն» ըսին:  Ետե՞ւը:  Ան ալ «հոն» էր: 

Երեք թէ չորս յարկանի շէնք մըն էր, որուն վերջին յարկը ունէր պզտիկ սրահ մը, եթէ սրահ կրնանք կոչել զայն, աւելի հիւրասենեակի մը չափ էր, եւ քովը պզտիկ սենեակ մը ուր Պուրճ Համուտի Համազգայինը իր ժողովները կը գումարէր:

Մտանք ներս:  Երկար սեղան մը դիմացի պատին ուր նստած էր մօրուքաւոր, քիչ մը գիրուկ բեմադրիչը:  Կռահեցինք:  Վարուժան Խտշեանը:  Քովը նստած էր կին մը, երկար մազերով, կապուտաչեայ եւ բարեձեւ եւ շատ խոտոր կը համեմատեր Պուրճ Համուտի եւ ընդհանրապէս Լիբանանցի ըլլալու հետ:  Ամաաա՜ բացականչեցի մտքով:  Վարուժին, հետոյ գիտցանք, անգլիացի տիկինն էր:  

Վարուժը, այսպէս կը կոչէինք զինք, խնդրեց որ բարձրացայն կարդանք մեր ընտրած կտորները:  Կարդացինք:  Ընդունուեցանք եւ բոլոր խումբին հետ միասին բարձրացանք շէնքին տանիքը մարզանք ընելու:

Մարմինները, դէմքերը, ձայները, մատները, շնջառութիւնը կրթելու համար պէտք էր որոշ մարզանքներ ընել:  Ըրինք:  Գրտնեցանք եւ ուրախացանք զարմիկս ու ես:  Իրարու նայուածքներով «ասոր կը հաւատա՞ս»ներ կը նետէինք:  Ոչ միայն ընդունուած էինք, որդեգրուած այս խումբին կողմէ այլ նայեւ մեզի կը տրուէր որոշ բաներ որ մեր մտքէն չէր անցած որ կը տրուի, որ գոյութիւն ունի:

Մեզի տրուեցաւ նայեւ տեղն ու տեղը խաղալ զանազան առաջարկուած նիւթեր մասնորոշ բնաւորութեան գիծեր յայտնաբերելու եւ շեշտելու համար:  Հետոյ՝ չափազանցել այդ գիծերը որպէսզի անոնց աւելի նուրբ եռանքներ ընտրելը դիւրանայ:

Երբ ետ իջանք տանիքէն վար, Վարուժը մեզի տեղեկացուց որ մեր յաջորդ ներկայացումը պիտի ըլլայ Չէխովէն չորս կարճ կտորներ:  Առաջինը՝ Յոբելեանը որուն մէջ պիտի խաղայի ես, իսկ զարմիկս Սալբին՝ պիտի ստանցնէր դեր մը Առջը կտորին մէջ:

Անունը Տայանա էր:  Ան մեր հետ մասնակցեցաւ բոլոր մարզանքներուն հակառակ անոր որ երկու ամսու հղի էր:  Այնքան շաղուած էր արդէն խումբին հետ որ սկսած էր հայերէն բառեր ալ գործածել երբ կը խօսէր իր լեզուն, Անգլերէնը:  Մեզի կողմնակի անձնական ցուցմունքներ կուտար իր նօթագրութիւններէն:

Ի միջի այլոց ես իմ առաջին դերը խաղալու համար պէտք էր մի քանի քիլօ կորսնցնէի:  Տայանան թուղթի մը վրայ գրեց թէ ինչ պէտք էր ընէի եւ ինչ պէտք էր ուտէի: 

Մեղաւոր մեղսակիցներս չէինք հաւատար եղածին երբ տուն կը վերադառնայինք:  Շատ արագ պատահեցաւ այս բոլորը:  Հետաքային պարզուեցաւ որ այս արագութիւնը խումբին «հեւք»ն էր թէ բեմադրութիւններուն եւ թէ խաղարկութեան մէջ: 

Երբ ուղղութիւն տուող կայ ամէն ինչ աւելի թիւրին կը թուի ըլլալ:  Իմ մտքես բնաւ չէր անցած դերասանուհի ըլլալ:  Ես երգել կը սիրէի:  Բայց ահա ոչ միայն ես` այլ երիտասարդներ տարբեր միջավայրերէ, տարբեր դպրոցներէ, տարբեր գաղափարներէ կը գտնուէինք Պուրճ Համուտ, շէնքի մը տանիքը, եւ երջանիկ էինք: