"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Tuesday, November 1, 2011

Մտորումներ Արեւմտահայերէնի Մասին

«Արեւմտահայերէնը կը մեռնի կոր» կը լսեմ ասկէ անկէ:  Պէտք է բան մը ընել:  Պէ՞տք է բան մը ընել:  Եթէ այո՛, ի՞նչ:

Ճեփ ճերմակը, սեփ սեւը, նոփ նորը, ճիփ ճիշդը, կաս կարմիրը, խոփ խոշորը, տափ տաքը, եփ երկարը, կէս կնիկը, բոլորը կը մեռնին կոր եղեր:  Ահազանգի մատնուած ենք:  Աւելի շեշտելու համար, «ս» մըն ալ աւելցուցած էինք ճեփ ճերմակին եւ դարձուցած ճեփս ճերմակ:

Սիրոյ մասին է նորէն:  Ուրիշը սիրելէ առաջ ինքզինքս եմ սիրած կամ մոռցած սիրել, որոշած  չսիրել կամ որոշած սիրել:  Անկիւնադարձ առանց ետ դարձի:   Դժուար ճամբայ այն իմաստով որ պէտք է յիշել, կրկնել «մանթրա»ի պէս, թերեւս նոյնիսկ երգի վերածել:   

Կը սիրե՞նք արեւմտահայ լեզուն:  Եթէ այո, ինչպէ՞ս կը յայտնենք մեր սէրը:   

Հազիւ տասը տարի էր Ամերիկա էի երբ Մոնթրէալէն ընկերուհիս, իր եղբօր եւ քրոջ հետ այցելեց Նիու Եորք ուր ես կ՛ապրէի:  Մինջ ես սկսած էի արդէն անգլերէն բառեր խառնել երբ Հայերէն կը խօսէի, իրենք` ոչ:  Ընհակառակը ինծի թուաց որ նոր բառեր աւելցուած էին արեւմտահայերէն բառամթերքին մէջ:  Նախ պզտիկ մեղանչանքի զգացում մը պատեց զիս բայց իրենց հանդէպ ունեցած հիացմունքս անմիջապէս որոշեց այսուհետեւ ուշադիր ըլլալ: 

Յաջորդ մեղանչանքս, այսինքն երբ նորէն սկսայ անգլերէն բառեր գործածել երբ Հայերէն կը խօսէի, կասեցաւ իմ երեք մենակատարութիւններուն շնորհիւ:  Զանոնք գրելը եւ հետոյ բեմ ելլել խաղալը օգնեցին որ իմ մայրենի լեզուն խօսիմ նորէն: 

Անցեալ տարի, երբ Սուրբ Աբգար եկեղեցիի դպրոցը հայերէն կը «փորձ»էի սորվեցնել պզտիկներուն, ես ալ սորվեցայ:  Դասը հետաքրքրական դարձնելու համար նախ պէտք էր սէրս գտնէի հանդէպ լեզուին եւ փոխանցել զայն պզտիկներուն որպէս լաւ լուր:   Երբեմն կը յաջողէի:

 Միակ ձեւը բան մը հաւերժացնելու, զայն գործածելն է:  Ինչպէս որ Անգլերէն կ՛ըսեն «If you don't use it, you lose it!»  Ես կը գործածեմ կոր:  Դու՞ն, ա՞ն, միւսնե՞րը: 

Իսկ Հայաստանում էս հարցով պարապող կա՞յ:  Չգիտեմ, բայց լաւ կը լինի որ լինէր: