Շոքեկառքը գրեթէ տասերկու ժամ առաւ Նիու Եորքէն Մոնթրէալ հասնելու: Բարեբաղդաբար նստարանս պատուհանին մօտ էր եւ լաւ մը դիտեցի վազող, փախչող տեսարանները: Մոնթրէալ կ՛երթայի իմ նախասիրած երգչուհին լսելու: Ֆրանսացի Ան Սիլվեսթրը: Շատ քիչեր գիտեն իր մասին: Նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ քիչ են զինք ճանչցողները: Մօտ քառասուն տարի իր երգերը լսած, սորված եւ երգած եմ թէեւ միայն տան մէջ բայց եւ այնպէս շատ մը ընկերներ վարակած էի Ան Սիլվեսթրով: Իսկ վաղը, Տիկին Անգինէին հետ պիտի երթայինք մտիկ ընելու այս հիմա եօթանասուն երկու տարեկան երգչուհին: Տիկին Անգինէն առաջին անգամն էր պիտի լսէր զինք: Իսկ ես առաջին անգամն էր զինք անձամբ պիտի տեսնէի, լսէի բեմին վրայ:
Հետս առած էի իր ձայնային սկաւառակը որ գնած էի այն օրը որ իմ առաջին ամսականը ստացայ Պէյրութի մէջ: Գնած էի նայեւ Շարլ Ազնաւուրի մէկ սկաւառակը որ այլեւս մօտս չէ քանի փոխ առնուած էր ինծմէ տարիներ առաջ եւ աւաղ դեռ ետ չէ վերադարձուած: Ան Սիլվեսթրի սկաւառակը դեռ ունիմ որովհետեւ կրնան մտնել եւ ամբողջ տունդ գողնալ բայց քանի որ չեն գիտեր թէ ան ով է, անոր սկաւառակը չեն տանիր: Այս մէկը իրաւ պատահեցաւ:
Հասաւ ժամը եւ Ան մտաւ բեմ: Սկսաւ երգել եւ ես սկսայ արձունքներս զսպել յիշելով ուր լսեցի զինք առաջին անգամ, ինչ հոգեկան վիճակներ ունէի եւ ինչպէս զինք մտիկ ընելով կը մխիթարուէի եւ ուժ կ՛ըստանայի: Իր երգերը ամէնէն աւելի երգուած գրականութիւն են: Սրամիտ կամ տխուր, հաւատարիմ կամ տգեղ, դրացիին մասին թէ կիներու, մարդոց մասին թէ միասերականներու, խելացի մօտեցումով կը շոյեն իմ խելքը, կը մտածեն իմ տեղս եւ կ՛ընկերակցին իմ վիշտերուս:
Նոր երգեր ալ երգեց: Իրաքի պատերազմին առաջին տարին էր եւ արդէն Ան օրօր մը գրած էր այն երեխաներուն համար որոնք իրենց ժամանակէն առաջ ծնիլ պարտադրուած էին ռումբերու տեղալը չսկսած: Տիկին Անգինէն շատ ազդուեցաւ որովհետեւ ինքն ալ Իրաքահայ է:
Իր հին երգերուն ընկերակցեցանք շատերս: Ծափեցինք անընթհատ եւ ետ բեմ կանչեցինք զինք գրեթէ չորս անգամ: Չմերժեց: Բարձրախօսով յայտարարուեցաւ որ կարելի էր Անին տեսնել դուրսը եւ խօսիլ հետը: Ելանք դուրս: Շարք կար: Սպասեցինք անհամբեր, ես գրկած իմ առաջին սկաւառակիս շապիկը որ ստորագրել տամ իսկ Տիկին Անգինէն երբ մեր կարքը հասաւ, չսպասեց: Նետուեցաւ Անին վզին, արձունքախառն, «ես ալ Պաղտատէն եմ» ըսելով: Մինջ իրենք լալաքին խնդուքներու ձայներ կը հանէին իրար գրկած, ես պէտք էր համբերէի նորէն: Քառասուն տարի սպասողը մի քանի վարկեան ալ կրնայ սպասել մտածելով: Հետոյ կացութիւնը բացատրեցի «խօսքը մեծին ջուրը պզտիկին»ը յիշելով եւ ումպ մը ջուր խմեցի ձեռքիս շիշէն:
Ես կրնայի՞ մրցիլ այս գիրկնդխառնումին հետ: Ամօթ էր նոյնիսկ փորձելը: Ընդհակառակը այս մեծ տաղանդին առջեւ ես փոխադրուեցայ Պէյրութ, եղայ տասնըեօթ տարեկան: Զգացի այն ատենուայ զգացումներս եւ այդ ատենուայ զսպուած արձունքներս սկսան հիմա հոսիլ, մաքրելով անցեալի նոսթալճիան, թաքուն մելամաղձոտութիւնը այդ ատենուայ:
Անին ցոյց տուի իմ առաջին սկաւառակս եւ խնդրեցի որ ստորագրէ «Je m'apelle Arpie; sans H » . « Ah oui. bien sûre » ըսաւ Ան: Ապուշիկս Արփի, ըսի մտքես : Այսինքն հիմա աս ըսելու ատէ՞նն էր: Կը կարծես որ այս մեծ արուեստագիտուհին քեզի harpie՞ պիտի կարծէր: Ստորագրեց: «Pour Arpie, Amicalement, Anne»:
Տարի մը վերջ Անը նոր սկաւառակ մը հանեց, անունը՝ «bye mélanco»: