"Sandplay" Buy It Here

Arpie Dadoyan: Sandplay

Tuesday, February 16, 2010

Տուփերուն Ընդմէջէն


Տուփերով շրջապատուած եմ: Մեծ, պզտիկ եւ միջակ: Քալելու համար պէտք է ոտքերս տարորինակ ուղղութիւններով շարժեմ: Տասը տարի է այստեղ կ՛ապրիմ եւ վերջապէս գրեթէ որոշած էի երջանիկ ըլլալ երբ զանքը հնջեց եւ ես ստիպուեցայ յետաձգել իմ երջանկութեան գաղափարը ուրիշ օրուայ: Հիմակուհիմա այս տուփերը պէտք է լեցնեմ որ երթամ իմ երջանկութիւնը Արիզոնա նահանգին մէջ հաստատեմ: Աւա՜ղ սակայն, բոլոր տուփերը հետս պիտի չքան: Մէկ մասը հոս ինծի պիտի սպասեն մինջեւ որ իրենց ճակատագիրը որոշեմ:

Երկու օր առաջ, շատ դժուարաւ, վերջապէս եւ ստիպուած ոտքի ելայ տուփեր բնտռելու: Ստիպուած՝ որովհետեւ արդէն վարի յարկի նորոգութիւնները վերջացած են եւ կարքը հասած է վանդակին: Միայն անոնք որոնք մտած են իմ դղեակս գիտեն թէ ինչու վանդակ կ՛ըսեմ: Առաջ բանտ կ՛ըսէի պարզապէս որովհետեւ սենեակին ճիշդ մէջտեղը, դէպի վարի յարկ տանող աստիճանները կան: Այդ բացուածքին շուրջը երեք ոտք բարձրութեամբ պատ քաշած են որ մարդիկ վար չ՛ինան: Իսկ այդ պատին վրան, իրարմէ մօտ ափի մը չափ հեռու, փայտէ ձողեր տնկած են որոնք մինջեւ արաստաղ կը բարձրանան: Ոչ մէկ երկրաչափական պատճառ չկայ իրենց գոյութեան: Տէքոր է եղեր:

Շատ արագ կ՛աշխատին այս գործաւորները եւ լուր չեն տար թէ երբ պիտի սկսին ձայն եւ փոշի հանել: Եւ քանի որ պէտք էր իմ ապրանքներս նորոգութեան աւերներէն զերծ պահէի, սկսայ զանոնք տուփերու մէջ տեղաւորել որ վար տանիմ ապահով տեղ մը դնեմ: Ահա այդ միջոցին էր որ վերջապէս որոշում առի իսկապէս Արիզոնա փոխադրուելու: Մէկ ամիս է կը խօսէի այդ մասին եւ կը փորձէի ինքզինքս համոզել: Գործ է: Մեծ գործ: Ինչ ալ ըլլայ պատճառը, թիւրին բան չէ փոխադրուիլը:

Ըսեմ որ այս տուփ լեցնելու գործը կը թեթեւնայ երբ որպէս երժշտութիւն՝ մտիկ կ՛ընեմ յառաջիկային լոյս տեսնելիք իմ երգի խտասկաւառակը, որ կը կոչուի Sandplay: Այսօր ան հասաւ այն ընկերութեան մօտ որ զայն պիտի տպէ: Եւ ես գլուխս տուփերուն մէջէն հանեցի որ այս ուրախ տեղեկութիւնը բաժնեմ առ որ անկ է:

Հիմակուհիմա այսքան:

There are boxes around me that I am filling with my belongings according to their usage and destination. Some of them will go to Arizona with me, some will stay here in storage and some will be given away. I have also condemned some to stay behind for whoever wants to use them. All this is cause for celebration specially when we add the background music from my soon to be released vocal compact disc, Sandplay. Look for it in a bookstore near you.